Խոսրովի անտառին մէջ կրկին նկատուած է Նէօ ընձառիւծը

2023-03-29
Image

«Խոսրովի անտառ» պետական արգելոց» ՊՈԱԿ-ի (Պետական ոչ առեւտրային կազմակերպութիւն) եւ Բնութեան համաշխարհային հիմնադրամի հայաստանեան մասնաճիւղի հետ համատեղ իրականացուող մշտադիտարկման աշխատանքներու շնորհիւ պետական արգելոցի նկարող սարքերը կրկին նկարահանած են Նէօ ընձառիւծը:

Ընձառիւծը ընդգրկուած է ՀՀ Կարմիր գիրքին մէջ եւ Բնութեան պահպանութեան միջազգային միութեան Կարմիր ցուցակին մէջ:

Յիշեցնենք` արդէն 5 տարի է, որ Նէօ ընձառիւծը կը բնակի «Խոսրովի անտառ» պետական արգելոցի տարածքին մէջ։

Ընձառիւծը Հայաստանի կենդանական աշխարհի ամենատպաւորիչ եւ կովկասեան էքօ-տարածաշրջանի ամենավտանգուած կենդանատեսակներէն մէկն է: