Կարօ Փայլանը Թուրքիոյ Պաշտպանութեան նախարարին հարցադրում յղած է Հայաստանի դէմ ռազմական գործողութիւններու ծրագրի վերաբերեալ

2019-12-06
Image

Թուրքիոյ խորհրդարանի պոլսահայ պատգամաւոր Կարօ Փայլանը Թուրքիոյ Զինուած ուժերու՝ Հայաստանի դէմ ռազմական գործողութեան ծրագիր ունենալու վերաբերեալ հարցը բերած է խորհրդարանի օրակարգ: Պոլսահայ պատգամաւորը գրաւոր հարցադիմում ներկայացուցած է Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարար Հուլուսի Աքարին՝ պահանջելով պատասխանել Հայաստանի դէմ ուղղուած ռազմական ծրագրի վերաբերող շարք մը հարցերու, կը տեղեկացնէ regionmonitor.com-ը:

Ըստ պոլսահայ պատգամաւորի՝ «Թուրքիոյ ԶՈՒ-ի Ալթայ ծրագրաւորման հրահանգ եւ Օղուզթիւրք օդային ռազմական գործողութեան ծրագրի» մասին մամուլի մէջ յայտնուած տեղեկութիւնները բաւականին անհանգստացուցած են Հայաստանի ժողովուրդը:

Հաշուի առնելով վերոնշեալը՝ Փայլանը Աքարին հետեւեալ հարցերը ուղղած է.

  1. «Արդեօ՞ք Թուրքիոյ ԶՈՒ-ն նման փաստաթուղթ ունի: Շահարկումներու առարկայ դարձած ծրագիրը դեռ վաւե՞ր է:
  2. Վերոնշեալ ծրագիրը ի՞նչ հիմնաւորմամբ եւ ի՞նչ նպատակով կազմուած է:
  3. Ջանքեր պիտի գործադրէ՞ք Հայաստանի ժողովուրդի մօտ այս պնդումներու հետեւանքով առաջացած անհանգստութիւնը մեղմելու եւ խաղաղութեանն ուղղուած ակնկալիքները վերականգնելու համար»: