Կեանքի պուրակ՝ Երեւանի մէջ․ 30 հեքթար եւ 14 հազար ծառ (Տեսանիւթ)

2021-10-02
Image

Երեւանի բուսաբանական այգիին մէջ պիտի հիմնուի Արցախեան ազատամարտի ամբողջ ընթացքին զոհուած հերոսներու յիշատակին նուիրուած պուրակ: 30 հեքթար տարածքին մէջ պիտի տնկուի շուրջ 14 հազար ծառ: Խումբ մը երիտասարդներու ու զոհուած զինծառայողներու ծնողներու՝ իրարմէ անկախ ծնած գաղափարը միաւորած է անոնց նախագիծի շուրջ:

«Դեռ 2020ի դեկտեմբերից մտածում էինք այս գաղափարի շուրջ, քանի որ հասկանում էինք, որ գալու է մի պահ, երբ ինչոր մէկը կ'ունենայ գումար իր որդու յուշարձանը կառուցելու համար, միւսը՝ ոչ»,- պատմած է  նախաձեռնող խումբի անդամ Նիկոլայ Թորոսեանը:

«Ընդհանուր քննարկումներից հասկացանք, որ ամենալաւ գաղափարը կեանքի պուրակ ստեղծելն է:  Կարծում եմ, յիշատակը յաւերժացնելու ամենալաւ ձեւն է, բացի այդ քաղաքի համար կը ստեղծուի նոր կանաչ գօտի»,- նշած է նախաձեռնող խումբի անդամ Արմէն Յակոբեանը:

«Խաչքար էլ ունենք, գերեզմանոց էլ, սա պէտք է տարբերուի, լրիւ ուրիշ գաղափար է, կեանքը շարունակելու, խաղաղութեան պուրակ»,ըսած է զոհուած Դաւիթ Խաչատրեանի հայրը՝ Կարէն Խաչատրեանը:

Գաղափարին Երեւանի քաղաքապետարանն արձագանգեց անմիջապէս։ Քաղաքապետ Հայկ Մարութեանի յանձնարարութեամբ ստեղծուեցաւ աշխատանքային խումբ։ Պէտք էր պուրակի համար ճիշդ տեղ ընտրել: Սա հերթական նախագիծը չէր. խորհուրդին համահունչ հասցէ պէտք էր գտնել.

«Մենք ի սկզբանէ քննարկում էինք 44 օրեայ պատերազմի զոհուածների յիշատակը յաւերժացող նախագծի մասին, բայց Կառավարութիւնից առաջարկ եղաւ այն նուիրել Արցախեան բոլոր ազատմարտերում զոհուածների յիշատակին: Մեզ անհրաժեշտ էր մեծ տարածք, արդիւնքում որոշեցինք ընտրել բուսաբանական այգին: Դա հնարաւորութիւն կու տայ վերակենդանացնել տարածքը», նշած է Երեւանի քաղաքապետի տեղակալ Գայիանէ Մելքոմ Մելքոմեանը:

«Մենք պատկերացնում ենք լուսաւոր անտառ պուրակ, որը տխրութեան վայր չի լինի, ապրեցնող անտառ՝ առանց աւելորդութիւնների»,- նշած է նախաձեռնող խումբի անդամ, ճարտարապետ Հայկ Զալիբեկեանը:

«Ամենակարեւոր ծառատեսակը սօսին է, որը թելադրելու է ամբողջ ձեւաւորումը: Շատ պատճառ կայ՝ երկարակեցութիւն, բացի այդ Արցախի խորհրդանիշ է, իսկ սաղարթին նայելիս բնի հատուածը զինուորական հագուստ է հիշեցնում: Բացի դրանից, այստեղ կը լինեն գեղազարդ, ծաղկող, պտղաբերող ծառեր»,- ըսած է «Կանաչապատում եւ շրջակայ միջավայրի պահպանութիւն» ՀՈԱԿ-ի փոխտնօրէն Քրիսթինա Վարդանեանը:

Պուրակը իր շուրջը պիտի հաւաքէ տարածքին ու գաղափարին համահունչ կեանքի շարունակութիւնը խորհրդանշող յուշարձանը, որու լուծումները պիտի տան մասնագէտները: