Հայազգի երեք ռուս գործարար ներառուած է «Ֆորպզ»ի միլիառատէրերու վարկանիշային ցանկին մէջ

2022-04-22
Image

Հեղինակաւոր «Ֆորպզ» հանդէսը հրապարակած է 2022 թուականի ռուս միլիառատէրերու ցանկը: 88 միլիառատէրերէ կազմուած ցուցակը կը գլխաւորէ ռուս գործարար, «Նովոլիփեցքի երկաթի եւ պողպատի» ընկերութեան Տնօրէններու խորհուրդի նախագահ Վլատիմիր Լիսինը, որուն կարողութիւնը կը գնահատուի 18,4 միլիառ տոլար:

Երրորդ հորիզոնականը կը զբաղեցնէ ռուսական «Թելեկրամ» կայքի հիմնադիր Փաւել Տուրովը` 15,1 միլիառ տոլար կարողութեամբ:

«Ֆորպզ»-ի հրապարակած ցանկին մէջ կան նաեւ հայազգի գործարարներ` Սերկէյ Կալիցքինը (Յարութիւնեան), Անտրէյ Անտրէեւը (Օհանջանեանց), Սամուէլ Կարապետեանը:

Սերկէյ Կալիցքինը ցանկի 32-րդ հորիզոնականին է: Անոր կարողութիւնը այս տարի կը կազմէ 3,2 միլիառ տոլար: Նախորդ տարուայ համեմատ գործարարը կորսնցուցած է 300 միլիոն տոլար:

Մասնաւոր ներդրող Անտրէյ Անտրէեւը 2 միլիառ կարողութեամբ 42-րդ հորիզոնականին է: Նախորդ տարուայ համեմատ անոր կարողութիւնը աւելցած է 100 միլիոն տոլարով:

«Տաշիր» ընկերութիւններու խումբի սեփականատէր Սամուէլ Կարապետեանը կը զբաղեցնէ 82-րդ հորիզոնականը: Անոր կարողութիւնը կը գնահատուի 1,1 միլիառ տոլար: Նախորդ տարուայ համեմատ Կարապետեանը կորսնցուցած է 2,2 միլիառ տոլար: