Հայազգի Լորիս Ճգնաւորեանը պիտի նշանակուի ՄԱԿ-ի խաղաղութեան դեսպան

Յայտնի երաժիշտ-երգահան եւ նկարիչ, Իրանի հայ համայնքի անդամ Լորիս Ճգնաւորեանին առաջարկած են դառնալ ՄԱԿ-ի խաղաղութեան դեսպան Իրանի կողմէ: Այս մասին կը հաղորդէ «ԻՌՆԱ»-ն:
Չորեքշաբթի ՄԱԿ-ի ներկայացուցչութեան աջակցութեամբ Թեհրանի մէջ կայացած է «Աշխարհի մշակոյթը» խորագրով միջոցառում՝ նուիրուած խաղաղութեան միջազգային օրուան:
Այդ միջոցառման Իրանի մէջ Միաւորուած ազգերու կազմակերպութեան տեղեկատուական կեդրոնի տնօրէն Մարիա Տոցենքոն ողջունած է Լորիս Ճգնաւորեանը եւ մշակոյթի շարք մը գործիչները:
Այնուհետեւ ան ընթերցած է ՄԱԿ-ի գործադիր տնօրէնի ուղերձը խաղաղութեան օրուան առթիւ:
Այդ միջոցառման ժամանակ գեղարուեստական եւ մարդասիրական գործունէութեան 70-ամեայ փորձ ունեցող Լորիս Ճգնաւորեանին առաջարկուած է դառնալ ՄԱԿ-ի բարի կամքի եւ խաղաղութեան դեսպան Իրանի կողմէ: