Հայաստանի մէջ ելեկտրականութեան արտադրութիւնը նիուազած է, իսկ արեւային ջերմուժի արտադրութիւնը 2,9 անգամ աճած

Հայաստանի մէջ 2019 թուականի Յունուար-Օգոստոսին արտադրուած է ժամական 5 007.7 միլիոն քիլոուաթ ելեկտրականութիւն, ինչը 2018-ի նոյն ժամանակահատուածի համեմատ նուազած է 5%-ով։
Վիճակագրական կոմիտէի հրապարակած տուեալներու համաձայն, այս տարուան ութ ամիսներուն ջերմուժի ելեկտրական կեդրոններու (ՋԵԿ) արտադրութիւնը նուազած է 10 %-ով եւ կազմած ժամական 1 միլիառ 994.2 միլիոն քիլոուաթ, ջերմային ուժանիւթի արտադրութիւնը՝ 30,9%-ով՝ կազմելով 17,9 հազար հեքաճոուլ:
Հայաստանի աթոմային ելեկտրական կայանն (ՀԱԵԿ) ալ արտադրած է ժամական 1 միլիառ 203.5 միլիոն քիլոուաթ ելեկտրականութիւն, որ 2018 -ի Յունուար-Օգոստոսի համեմատ 6,2%-ով նուազած է։
Ինչ կը վերաբերի ՀԵԿ-երուն, արտադրութեան ծաւալները այստեղ աւելցած են 6,7%-ով՝ կազմելով ժամական 1 միլիառ 798,7 միլիոն քիլոուաթ։
Վիճակագրութեան համաձայն, այս տարուան ութ ամիսներուն հանրապետութեան մէջ արեւային ելեկտրակայանները արտադրած են ժամական 9 միլիոն քիլոուաթ ելեկտրականութիւն՝ 2018 թուականին նոյն ժամանակահատուածի համեմատ աճելով 2,9 անգամ, հողմային ելեկտրակայաններու կողմէ ալ արտադրուած է ժամական 2,3 միլիոն քիլոուաթ ելեկտրականութիւն՝ աճելով 2,3 անգամ։