Հայկական «Նոր շէն» գիւղը շրջափակուած է.Եղած է տարհանում

Շուշիի շրջանի Նոր Շէն գիւղն ատրպէյճանական շրջափակման մէջ յայտնուած է։ Այս տեղեկութիւնը NEWS.am-ին յայտնած է Նոր Շէնի համայնքապետ Դաւիթ Դաւթեանը։
Ան ըսած է, որ այս պահուն գիւղին մէջ հանգիստ վիճակ է. «Շրջափակման մէջ է գիւղը, բայց վիճակը հանգիստ է, որեւէ գործողութիւն չի իրականացւում։ Մեր գիւղի մի մասով բաց հատուած կայ, որտեղով կարողացել ենք բնակիչներին տարհանել»։
Համայնքապետը ըսած է, որ ինքը մնացած է համայնքին մէջ։
«Այս պահին եկել են ռուս խաղաղապահները։ Ուղղակի հոգեբանօրէն ճնշում է կատարւում։ Ժողովուրդը խուճապի մէջ է»,- ըսած է Դաւթեանը։
Նշենք, որ ատրպէյճանական շրջափակման մէջ է յայտնուած է նաեւ Շուշիի շրջանի Հին Շէն գիւղը, բնակիչներն ալ այս պահուն գիւղն են։
Յիշեցնենք, որ Արցախի Քաշաթաղի շրջանի վարչակազմը 13 դեկտեմբերին, յայտնած էր, որ ատրպէյճանական ստորաբաժանումը առաջացած է դէպի Շուշիի շրջանի Մեծ Շէն եւ Հին Շէն բնակավայրերն իրար միացնող գիւղամիջեան ճանապարհ։