Հայկական կողմը գերեվարած է ատրպէյճանցի զօրավար Մայիս Պարխուտարովը

Ատրպէյճանական Genc Bozqurdlar լրատուականը կը յայտնէ, որ հայկական կողմը կարողացած է գերի վերցնել ատրպէյճանցի զօրավար Մայիս Պարխուտարովը։
Այս պահուն այլ մանրամասներ չեն յայտնուիր, գրած էին ատրպէյճանական լրատուամիջոցները։
Մայիս Պարխուտարովի մասին առատ տեղեկութիւններ յայտնի չեն։ Յայտնի է, որ ան ծնած է 1976 թուականին Քուպաթլուիի շրջանը։ Ատրպէյճանական պաշտօնական աղբիւրները զօրավարի կենսագրական տուեալներուն մէջ երբեւէ ոչ մէկ տեղեկատուութիւն հրապարակած են անոր ծնողներուն ով ըլլալուն մասին։ Սա իրապէս կասկածի տեղիք կու տայ: Հայկական որոշ աղբիւրներու մէջ կը գրուի, որ Պարխուտարովը արմատներով հայ է։