Հայկական կողմի մօտ կայ 2 ատրպէյճանցի ռազմագերի, Ատրպէյճանի մէջ կը գտնուի 17 հայ զինծառայող. ՔԿ պաշտօնեայ

Այս պահի դրութեամբ հայկական կողմը ատրպէյճանական կողմէն ունի 2 հարցաքննուած ռազմագերի, ՔԿ-ի մօտ հրաւիրուած մամուլի ասուլիսի ժամանակ յայտարարած է Քննչական կոմիտէի քրէագիտական վարչութեան պետ Ռաֆայէլ Վարդանեանը։
«Անոնք կը պահուին միջազգային բոլոր մարդասիրական իրաւունքի չափանիշերու պահպանմամբ, ամենաբարձր մակարդակով կը ստանան համապատասխան բժշկական օգնութիւն, սնունդ եւ մնացած բոլոր պահանջները ապահովուած են։ Նոյնիսկ հարցաքննութեան ընթացքին անոնցմէ մէկը նշեց, թէ Ատրպէյճանի մէջ իրեն դժուար թէ աւելի լաւ վերաբերմունքի արժանացնէին», -ըսած է Ռաֆայէլ Վարդանեանը։
Հայկական կողմը այս պահի դրութեամբ ունի 17 զինծառայող, որոնք կը գտնուին Ատրպէյճանի մէջ:
«Անոնց տուեալները ճշդուած են, երկուքի մասով ալ կը ճշդուին։ Կ'աշխատինք ՄԻԵԴ-ի մէջ ՀՀ հայաստանեան ներկայացուցչութեան եւ ՊՆ ռազմագերիներու միջգերատեսչական յանձնաժողովի հետ», -ըսած է ան: