Հայկական տառարուեստը՝ ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի Մարդկութեան ոչ նիւթական մշակութային ժառանգութեան ցանկին մէջ
«Ճանաչել զիմաստութիւն եւ զխրատ, իմանալ զբանս հանճարոյ»․ Սողոմոնի առակներէն այս նախադասութիւնը հայոց այբուբենով գրուած առաջին նախադասութիւնն էր:
Հայաստանի մէջ ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի ազգային յանձնաժողովի պաշտօնական ֆէյսպուքեան էջէն կը տեղեկանանք, որ հայկական տառարուեստը եւ անոր մշակութային դրսեւորումները ներառուած են ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի Մարդկութեան ոչ-նիւթական մշակութային ժառանգութեան ներկայացուցչական ցանկին մէջ:
1992-էն ի վեր Հայաստան կ'անդամակցի ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ին եւ առաջին անգամ ներկայացուցած է իր թեկնածութիւնը անդամակցելու՝ ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի գործադիր խորհուրդին 2021-2025 թուականներու ժամանակահատուածին համար: