Հայ դիպուկահարները այնպիսին են, ինչպիս ֆիլմերուն մէջ տեսեր ենք. Սուրիացի վարձկան

2020-10-15
Image

Մարդասիրական ճգնաժամերու լուսաբանմամբ զբաղող անկախ լրագրող Լինտսի Սնելը, որ աշխոյժօրէն կը լուսաբանէ Արցախեան գոյամարտը, թուիթըրեան իր էջին գրած է․

«Ատրպէյճանէն վերջերս վերադարձած Սուրիոյ ազգային բանակի զինեալը կը պատմէ.

«Զարմիկներս ու ես Սուրիոյ մէջ կռուած ենք ողջ պատերազմի ընթացքին, բայց այսպիսի բան չենք տեսած: Մարտերէն մէկուն ժամանակ 45 հոգիով փոքր բլուրի վրայ էինք: Մէկ դիպուկահարը սպանեց «Սուլթան Մուրատ» խմբաւորումէն 8 զինեալի եւ եւս 2-ին՝ «Համզայէն»: Դիպուկարները այնպիսին են, ինչպէս ֆիլմերուն մէջ տեսեր ենք»,-գրած է Լինտսի Սնելը։