Հայ վիրաբոյժը Լիոնի մէջ 2 ձեռքի եւ ուսի՝ աշխարհի մէջ առաջին փոխպատուաստումը ըրած է

The Guardian-ը կը յայտնէ, որ Ֆրանսայի Լիոն քաղաքին մէջ վիրաբոյժ Արամ Ղազարեան բացառիկ վիրահատութիւն կատարած է՝ ուսի հատուածէն երկու ձեռքերու փոխպատուաստում կատարելով իսլանտացի 48-ամեայ Ֆելիքս Գրեթըրսընին: Սա կը համարուի աշխարհի մէջ առաջին նման փոխպատուաստումը:
Տղամարդը ձեռքերը կորսնցուցած է 23 տարի առաջ՝ աշխատանքի ընթացքին պատահարի հետեւանքով: Բժշկական խումբը յաջող կը համարէ վիրահատութիւնը, որովհետեւ տղամարդը կը վերականգնուի, կը մնայ, ինչպէս Արամ Ղազարեանն ըսած է ասուլիսի ընթացքին, ան կարողանայ ծալել արմունկը: Նշուած է, որ տարիներ պահանջուած են յարմար տոնըր գտնելու համար, մօտ 50 բժշկական անձնակազմ ներգրաւուած է վիրահատութեան նախապատրաստման գործընթացին:
Արամ Ղազարեանը վաստակաշատ բժիշկ է՝ մասնագիտացած վերին վերջոյթներու վիրաբուժութեան ասպարէզին մէջ, ան Ֆրանսայի ձեռքի փոխպատուաստման վիրաբուժական խումբի ղեկավարն է, ծրագրած է վիրահատութիւններ իրականացնել նաեւ Հայաստանի մէջ: