Հենրիխ Մխիթարեանը հայր դարձաւ

Լոյս աշխարհ եկած է Հենրիխ Մխիթարեանի ու Պեթի Վարդանեանի որդին՝ Համլեթ Մխիթարեանը:
Հայաստանի ազգային հաւաքականի եւ «Ռոմայի» կիսապաշտպան Հենրիխ Մխիթարեանը ֆեյսպուքեան իր էջին որդիին հետ լուսանկար հրապարակած է եւ կից գրած․
«Ամէն ինչ բարեյաջող անցած է: Գերերջանիկ ծնողներ: Կը կարծէք, որ ան ապագայ ֆութպոլի՞ստ է»: