Հենրիխ Մխիթարեանն անդրադարձած է հայ ռազմագերիներու խնդրին

2021-01-14
Image

Ֆութպոլի Հայաստանի ազգային հաւաքականի աւագ, իտալական «Ռոմա»ի կիսապաշտպան Հենրիխ Մխիթարեանը La Repubblica-ի հետ հարցազրոյցի ժամանակ խօսած է արցախեան պատերազմի ու Ատրպէյճանի մէջ գտնուող հայ ռազմագերիներու մասին։

«Արցախի մէջ պատերազմը կը շարունակուի 30 տարի, սակայն շատ երկիրներ կը նախընտրեն անտեսել այդ բախումը: Անհաւանական է, որ նման բան տեղի կ'ունենայ 21-րդ դարուն: Ցաւալի է, որ Ատրպէյճանի մէջ կան հայ գերիներ, որոնց գողցած են իրենց ընտանիքներէն։ Պատերազմի ընթացքին ես կոչով դիմեցի ամբողջ աշխարհին: Կարեւոր էր, որ մեր ձայնը դառնար լսելի։ Շնորհակալ եմ Իտալիոյ կառավարութեան աջակցութեան համար: Շնորհակալ եմ նաեւ բոլորին, որոնք ճանչցան Արցախի անկախութիւնը։

«Ռոմա»ի՝ Հայաստանին ուղարկած մարդասիրական օգնութիւնը հրաշալի նախաձեռնութիւն էր։ Ակումբը տեսաւ մարդոց վիշտը եւ որոշեց օգնել: Երբեք պիտի չմոռնամ «Ռոմա»ի ըրածը»,- ըսած է Հենրիխ Մխիթարեանը: