Հոլոքոստի եւ Ցեղասպանութեան զոհերու յուշարձանը պղծելու մէջ կասկածուողը յայտնաբերուած է

2021-02-17
Image

12 Փետրուարին հաղորդուած էր Օղակաձեւ զբօսայգիին մէջ տեղադրուած Հոլոքոստի եւ Ցեղասպանութեան զոհերու յուշարձանը պղծելու եւ կարմիր ներկանիւթով վնասելու մասին: Ոստիկանութեան Կեդրոնական բաժնի ՔՀԲ ծառայողներու ձեռնարկած միջոցառումներու շնորհիւ պարզուած է, որ արարքը կատարած է 36-ամեայ տղամարդ մը: Ոստիկաններու բացատրական աշխատանքի շնորհիւ 15 փետրուարին ան ներկայացած է բաժին եւ տուած խոստովանական բացատրութիւն:

Փաստի առթիւ ՀՀ քրէական օրէնսգիրքի 260-րդ յօդուածի (Վանտալիզմը) յատկանիշներով յարուցուած է քրէական գործ:

Կատարուած է նախաքննութիւն: