Հոկտեմբեր 3-ի դրութեամբ Կեանճայի օդակայանին մէջ եղած է առնուազն երկու թրքական F-16

2020-10-08
Image

«New York Times» հետաքննող լրագրող Քրիսթիան Թրիպըրթը «Թուիթըր»-ի իր էջին արբանեակային լուսանկար հրապարակած է Կեանճայի (Գանձակ) ռազմական օդակայանի, ուր 3 հոկտեմբերի դրութեամբ կ'երեւան նուազագոյնը երկու թրքական F-16 կործանիչները:

«Կործանիչները, ամենայն հաւանականութեամբ, կը շահագործուին թրքական օդուժի կողմէ CN-235 բեռնատար ինքնաթիռի հետ միասին»,- գրած է Թրիպըրտը: