Հռոմի մէջ պիտի տեղադրուի Յովհաննէս Թումանեանի արձանը

Հայաստանն ու Իտալիան պիտի խորացնեն համագործակցութիւնը մշակութային ոլորտէն ներս:
Այս մասին լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին տեղեկացուցած է Իտալիոյ մէջ ՀՀ արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Վիքթորիա Պաղտասարեանը:
Դեսպանի խօսքով, յառաջիկային Հռոմի մէջ պիտի տեղադրուի մեծանուն գրող Յովհաննէս Թումանեանի արձանը:
Ան յայտնած է, որ արձանը պէտք է տեղադրուի խորհրդարանի այգիի դիմաց:
Անկէ բացի, դեսպանի խօսքով, նպատակ կայ «Լա Սքալայի» հարեւանութեամբ տեղադրել Կոմիտասի յուշարձանը: