Հրադադարի պայմանաւորուածութեան ուժի մէջ մտնելէն ետք ատրպէյճանական կողմը սպաննած է առնուազն 5 քաղաքացի. ԱՀ ՄԻՊ

2020-10-12
Image

Արցախի Հանրապետութեան Մարդու իրաւունքներու պաշտպանի փաստահաւաք առաքելութեան շրջածիրէն ներս պարզուած է, որ 10 հոկտեմբերի ժամը 12:00-էն՝ հրադադարի պայմանաւորուածութեան ուժի մէջ մտնելէն ետք ատրպէյճանական զինուած ուժերու կողմէ սպաննուած է Արցախի առնուազն 5 քաղաքացիական անձ: Այս մասին հրապարակումը ըրած է Արցախի ՄԻՊ-ի ֆեյսպուքեան էջը:

«Մասնաւորապէս, 10 հոկտեմբերի կէսօրին Հատրութ քաղաք ներխուժած թափանցող խումբի անդամները գնդակահարած են առնուազն չորս քաղաքացիական անձ՝ հաշմանդամութիւն ունեցող Միշա Մովսիսեանը, անոր մայրը՝ Անահիտ Մովսիսեանը, Նուէր Գրիգորեանին եւ Արտեոմ Միրզոյեանը: Կան նախնական տուեալներ, որ Հատրութի մէջ քաղաքացիական անձանց շրջանին առկայ են այլ զոհեր եւս. հանգամանքները դեռ կը պարզուին:

Օրուայ վերջը եւ գիշերուայ ընթացքին ատրպէյճանական զինուած ուժերը հրթիռահրետանային հարուածներ հասցուցած են Ստեփանակերտի, Մարտունիի, Շուշիի եւ այլ բնակավայրերու բնակելի հատուածներուն մէջ: Անոնց հետեւանքով Մարտունի քաղաքին մէջ իր տան փլատակներուն տակ սպաննուած է 75-ամեայ Պարգեւ Սաղեանը, իսկ Շոշ գիւղին մէջ վիրաւորուած է մէկ 65-ամեայ կին:

Ատրպէյճանական հրթիռահրետանային թիրախային հարուածներու հետեւանքով տարբեր բնակավայրերու մէջ էականօրէ ն վնասուած են նաեւ բնակելի տուներ ու ենթակառուցուածքներ: Ստեփանակերտի վնասուած տուներէն մէկուն տարածք այցի ընթացքին Պաշտպանը գտած է միջազգային մարդասիրական իրաւունքով արգիլուած «Սմերչ» ողկուզային հրթիռի մնացորդներ, որոնք պարբերաբար ու լայնօրէն կը կիրառուին Ատրպէյճանի կողմէ:

Յիշեցնենք, որ Մարդու իրաւունքներու պաշտպանը 10 հոկտեմբերի երեկոյեան հրապարակած է Արցախի բնակչութեան հանդէպ ատրպէյճանական վայրագութիւններու վերաբերեալ երկրորդ միջանկեալ զեկոյցը, որուն բովանդակութեան կարելի է ծանօթանալ հետեւեալ յղմամբ»: