Ճո Պայտըն պատուաստանիւթի երկրորդ չափաբաժինը ստացած է

ԱՄՆ նորընտիր նախագահ Ճո Պայտըն 11 յունուարին ստացած է Pfizer/BioNTech ամերիկա-գերմանական համատեղ արտադրութեան պատուաստանիւթի երկրորդ չափաբաժինը:
Ինչպէս կը յայտնէ CNN-ը, քաղաքական գործիչը ներարկուած է տեսախցիկներու առաջ՝ վստահեցնելու երկրի բնակիչներուն, որ պատուաստանիւթերն անվտանգ են: Ներարկումը Պայտընն ստացած է Տելավըր նահանգի հիւանդանոցին մէջ:
Ինչպէս հեռուստաալիքը կը նկատէ, «Քորոնա» ժահրը մեծ մաշտապներով կը տարածուի ԱՄՆ-ի մէջ: Վարակի հետեւանքով աւելի քան 374 500 ամերիկացի մահացած է, իսկ վարակուածներու թիւը գերազանցած է 22 մլն-ը:
Պատուաստանիւթի առաջին չափաբաժինը Պայտընն ստացած էր անցեալ ամիս՝ դարձեալ ուղիղ եթերի ժամանակ:
Նշենք, որ Պայտընի երդմնակալութեան արարողութիւնը տեղի պիտի ունենայ 20 յունուարին: