Մահացած է հայրենի յայտնի երգիչ Հայկօն

Այսօր Միքայէլեան հիւանդանոցին մէջ իր մահկանացուն կնքած է հայրենի հանրայայտ եւ սիրուած երգիչ եւ երգահան Հայկօն, որ վարակուած էր «Քորոնա» ժահրով:
Անդրադառնալով երգիչ, երգահան Հայկոյի մահուան պատճառի մասին շրջանառուող լուրերուն, կը տեղեկացնենք, որ երգիչին մահուան պատճառը Քովիտի դէմ պատուաստանիւթը չէ, կը յայտնեն Առողջապահութեան նախարարութենէն:
«Պէտք չէ շահարկել կորուստը եւ մտնել անձնական տուեալներու դաշտ:
Առողջապահութեան նախարարութեան անձնակազմը ցաւակցում եւ իր զօրակցութիւնն է յայտնում Հայկոյի ընտանիքին», ըսուած է ԱՆ հաղորդագրութեան մէջ:
Հայկօն աւարտած է Երեւանի Կոմիտասի անուան պետական երաժշտանոցը։
Նշենք, որ Հայկոյի աստղը սկսած էր փայլիլ 2002 թուականին, երբ արժանացած է «Տարուայ լաւագոյն նախագիծ», «Տարուայ լաւագոյն ալպոմ» եւ «Տարուայ լաւագոյն տեսասկաւառակ» մրցանակներուն։
2006 թուականին ՀՀ նախագահի հրամանագրով անոր շնորհուած է Հայաստանի Հանրապետութեան վաստակաւոր արուեստագէտի կոչում։
2007 թուականին ներկայացուցած է Հայաստանը «Եւրըտեսիլ» երգի միջազգային մրցոյթին ժամանակ եւ գրաւած է 8-րդ տեղը։