Մամուլի ազատութեան համաշխարհային զեկոյցին մէջ Հայաստանը բարելաւած է դիրքը
Լրագրողներ Առանց Սահմաններու (Reporters Sans Frontieres (RSF) կազմակերպութիւնը հրապարակած է մամուլի ազատութեան 2022 թուականի զեկոյցը, ուր ընդգրկուած են 180 երկիր ու տարածքներ: Հարաւկովկասեան տարածաշրջանին մէջ առաջատար Հայաստանը 51-րդ տեղն է:
Վրաստանը 89-րդն է, իսկ Ատրպէյճանը` 154-րդ տեղն է, այդ շարքին են նաեւ Պելառուսիան ու Ռուսաստանը:
Հայաստանի մասին զեկոյցին մէջ նշուած է, որ չնայած բազմակարծութեան, լրատուամիջոցները կը մնան բեւեռացուած:
«Երկիրը կը բախի աննախադէպ մակարդակի ապատեղեկատուութեան եւ ատելութեան խօսքի, մասնաւորապէս կապուած Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ Լեռնային Ղարաբաղի տարածքային վէճին հետ», ըսուած է զեկոյցին մէջ: