Մայրքաղաքին մէջ պիտի աւելնայ սոճի ծառատեսակի թիւը

2021-02-16
Image

Երեւանի մէջ սոճի ծառատեսակի պակաս այլեւս պիտի չըլլայ: Սոճիներու քանակը Երեւանի մէջ կտրուկ նուազած է 1990-ականներուն: Ծառերը զանգուածաբար կը հատուէին: Որպէս «անպէտք տօնածառ» առաջին հերթին կ'ոչնչացուէին մշտադալար ծառատեսակները:

Սոճին տօնածառ չէ: Այս ծառատեսակը շրջակայ միջավայրի գեղազարդիչ է եւ օդի հզօր մաքրող: 2020-ին ԿՇՄՊ ՀՈԱԿ-ի մասնագէտները որոշած են մայրաքաղաքին մէջ կտրուկ աւելցնել սոճիներու քանակը: ՀՈԱԿ-ի ջերմոցատնկարանային վարչութեան մէջ իրականացուած է սոճիի տարբեր տեսակներու ցանք: Եւ արդէն տնկարանին մէջ կայ սոճուտ։ Մասնագէտներն այժմ կ'աշխատին տնկիները սլացիկ ու համաչափ դարձնել:

Շուտով պիտի մեկնարկի գիտական ուսումնասիրութիւններու փուլը, որու ընթացքին պիտի որոշուի, թէ սոճիի որ տեսակները զանգուածաբար կ'աճեցուին սերմով: Փորձութիւնը կը յաղթահարեն սոճիի առաւել ծլունակ, դիմացկուն ու պակաս յաւակնոտ տեսակները: Ինքնուրոյն կեանք դուրս կու գան մօտաւորապէս 5-6 տարի անց: