Մարտեր Շուշի տանող ճանապարհին. Բացառիկ տեսանիւթ՝ ANNA News Military-էն

2020-11-05
Image

ANNA News Military-ի ռազմական թղթակից՝ Ալեքսանտր Խարչենքոն բացառիկ տեսանիւթ պատրաստած է Արցախէն, ուր կը ներկայացնէ 4 նոյեմբերին Շուշիի համար մղուող մարտերը:

Տեսանիւթին մէջ նշուած է, որ հարիւրաւոր արկեր կ'իյնան Շուշի քաղաքի վրայ ի հեճուկս երկու երկիրներու միջեւ Ժընեւի մէջ ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւններուն, որ քաղաքացիական բնակչութիւնը պիտի չհարուածեն:

«Շուշին բառացիօրէն կ'ոչնչացնեն: Կրակի տակ են քաղաքացիական ենթակառուցուածքները: Արցախի ՊԲ-ն կը զսպէ հակառակորդի յարձակումը քաղաքէն հարաւ ինկած հատուածով»,-ըսած է թղթակիցը:

ՊԲ զինծառայողներէն մէկուն խօսքով, թշնամին իրենց դիրքերէն 3-4 քմ հեռաւորութեան վրայ է. «Ամէն ինչ սկսած է գիշերը ժամը 3-ին: Արկերու մեծ մասը ուղղուած են քաղաք: Այս մեր հողն է եւ մենք մինչեւ արեան վերջին կաթիլը պիտի կանգնինք»: