Մենք պատմութիւն կերտիցինք. Քիմ Քարտաշեանն անդրադարձած է ցեղասպանութիւնը ճանչցող բանաձեւին

2019-10-30
Image

Աշխարհահռչակ հեռուստաաստղ Քիմ Քարտաշեանը իր «Ինսթակրամ»-ի էջի միլիոնաւոր հետեւորդներուն հետ կիսուած է  ԱՄՆ Ներկայացուցիչներու պալատի՝ Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչցող պատմական բանաձեւի ընդունման մասին հրապարակումներով: «Արմէնբրես»-ի հաղորդմամբ՝ մասնաւորապէս Քարտաշեանը «սթորի» բաժնին մէջ հրապարկած է նկար, որուն մէջ գրուած է՝ «Այսօր մենք պատմութիւն կերտեցինք»: Յաջորդ նկարով Քարտաշեանն իր  հետեւորդներուն ներկայացուցած  է բանաձեւի քուէարկութեան արդիւնքները:

Հեռուստաաստղը իր 150 միլիոն հետեւորդներուն հետ կիսուած է նաեւ «Թուիթըր»-ի մէջ ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի՝ բանաձեւի ընդունման վերաբերեալ կատարած գրառմամբ: Քարտաշեանը  նաեւ մաղթած է բարի ընթերցանութիւն՝ տրամադրելով «The New Yor Times»-ի՝ բանաձեւի ընդունման վերաբերեալ հրապարկման աշխոյժ յղումը:

Նախքան բանաձեւի ընդունումը աշխարհահռչակ հեռուստաաստղը կոչ ըրած էր ամերիկահայերուն՝ ԱՄՆ ներկայացուցիչներու պալատէն պահանջել ընդունիլ հայոց ցեղասպանութիւնը: