Մեր տունը վառեր ենք, որ չմնայ թուրքին. 5 երեխայ ունեցող չարեքթարցի ընտանիքը անտուն մնացած է

2020-12-14
Image

Շահումեանի շրջանը Ատրպէյճանին յանձնելէ օրեր առաջ Ամիրեանները Չարեքթարի իրենց տունը թալանուած գտան։

Ընտանիքի հայրը՝ Մասիսը, բարկութենէն այրեց տունն ու տեղափոխուեցաւ Հայաստան։

«Մի օր սոված, մի օր ծարաւ, տուն եմ դրել, 5 երեխայ պահել, մեծացրել, վերջում ասեցին 5 օր ժամանակ ունես:  Եկայ, տեսայ տան մէջ ամէն ինչ թալանուած է, նոյնիսկ արաղի բաժակներս էին տարել, սեղան, աթոռները,  համակարգիչը, անկողինը, ինչ լաւ է եղել, տարել են»,- պատմած է ան:

Գիւղի գրեթէ բոլոր տուները թալանուած ու այրած էին, երբ պաշտօնապէս յայտարարուեցաւ, որ սխալմունք եղած է․ Չարեքթարը պիտի մնայ հայկական կողմին, քանի որ խորհրդային տարիներուն Մարտակերտի շրջանի կազմին մէջ էր։ 5 օրուան մէջ տեղահանուելու հրաման տուած կառավարութիւնը այժմ ալ չարեքթարցիներուն կը յորդորէ գիւղ վերադառնալ։

«Էս երեխէքին տանեմ, ինչ անեմ, մի 5 տարուց յետոյ էլ փախնեմ, արդէն 3-րդ գաղթն է»,-ըսած է Մասիսը:

Ամիրեաններու ընտանիքի կանայք ու երեխաները պատերազմի 8-րդ օրը գիւղէն դուրս եկած ու տեղափոխուած են Չարենցաւան։  Անոնք կորսնցուցած են տունը, աշխատանքը։

Մինչեւ գործ գտնելը կը փորձեն կառավարութեան տրամադրած աջակցութեան ծրագրերու միջոցով անյետաձգելի խնդիրները լուծել, բայց գործընթացը կը ձգձգուի։

Չարեքթարի գիւղապետարանէն կը յայտնեն պետական միջոցներով տուները վերակառուցելու ծրագրի մասին։ Իսկ մինչեւ այդ Ամիրեաններն ու անոնց պէս անտուն մնացած չարեքթարցիները դեռ պէտք է առաջիկայ ամիսներու, թերեւս տարիներու իրենց կեցութեան խնդիրը լուծեն։