Միլանի մէջ Փաշինեանին հարց տուած ատրպէյճանցի «պլոկըր»ը յատուկ ծառայութեան անդամ է

2019-11-21
Image

Իտալիա պաշտօնական այցի ծիրէն ներս վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը նախօրէին ժամանած է Միլան քաղաք, տեղի Հայ Առաքելական Սուրբ Քառասուն Մանկանց եկեղեցւոյ մէջ հանդիպած է Միլանի հայ համայնքի ներկայացուցիչներու հետ: Համայնքի հետ հանդիպման ժամանակ եկեղեցի մտած է ատրպէյճանցի պլոկըր մը:  Ան նշած է, որ խաղաղութիւն կ'ուզէ. «Ազատէք մեր  հայրենիքը, որ ես  կարենամ տեսնել իմ Շուշին, իմ Խոճալուն»:

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանն արձագագած է. «Փաստ է, որ դուք ըլլալով ատրպէյճանցի, մտած էք հայկական եկեղեցի, ուր կը գտնուին հայեր, եւ հարց տուիք Հայաստանի վարչապետին: Այդ հնարաւոր չէր ըլլար, որ հայը կարենար մտնել միջոցառման, ուր ներկայ է Ատրպէյճանի նախագահը»:

Ֆէյսպուքեան օգտատէր Ալեն Ղուլեանը  ֆէյսպուքեան էջին գրած է. «Ատրպէյճանցի այսպէս կոչուած պլոկըրը նախքան եկեղեցւոյ դուռէն ներս թողելը կարելի էր գոնէ բաց աղբիւրներէ օգտուիլ... Ոչ հետախուզական միջոցներ պէտք էր օգտագործել, ոչ ալ արտաքին հետախուզութեան հնարաւորութիւնները։ Բաց աղբիւրներէ շատ հեշտ կարելի էր պարզել, թէ ով է իրականութեան մէջ «պլոկըր» Աթա Ապտուլաեւը եւ որ ծառայութեան հրահանգով յայտնուած է Իտալիա։

Յոյսով եմ, որ յաջորդ անգամ վարչապետի եւ «պլոկըր» Ռամիլ Սաֆարովի հարց ու պատասխանի ականատեսը չենք ըլլար։

Գոնէ անոր դէմքով կը ճանչնա՞ք»։