Մինչեւ 2020 թուականի վերջ Հայաստանի պետական պարտքը պիտի կազմէ 7,3 միլիառ տոլար

2019-12-06
Image

Կը սպասուի, որ մինչեւ 2020 թուականի վերջ Հայաստանի պետական պարտքը կազմէ 7,3 միլիառ տոլար։ Այս մասին Ազգային ժողովէն ներս  2020 թուականի պետական պիւտճէի նախագիծի քննարկման ժամանակ ըսած է Հայաստանի տնտեսութեան նախարար Ատոմ Ջանջուղազեանը։

Հայաստանը բոլոր առումներով կ'որակուի որպէս ցած պետական պարտք ունեցող երկիր։ Հայաստանի կառավարութիւնը յաջորդ տարուան ընթացքին կը նախատեսէ միջոցներ պարտք վերցնել բացառիկ պարագաներու, ըսած է նախարարը։