Յետմահու «Հայաստանի ազգային հերոս» բարձրագոյն կոչում ստացած կամ «Մարտական խաչ» շքանշանով պարգեւատրուած անձանց ընտանիքները պարգեւավճար պիտի ստանան

2021-07-08
Image

ՀՀ պաշտպանութեան ժամանակ, ինչպէս նաեւ ծառայողական կամ պաշտօնէական պարտականութիւնները կատարելու ընթացքին զոհուած՝ յետմահու «Հայաստանի ազգային հերոս» բարձրագոյն կոչում ստացած կամ ՀՀ նախագահի հրամանագրով «Մարտական խաչ» շքանշանով պարգեւատրուած անձանց ընտանիքներն ունին պարգեւավճարի իրաւունք՝

  • «Հայաստանի ազգային հերոս» բարձրագոյն կոչում ստացած անձի ընտանիքը՝ 250,000 դրամ,
  • առաջին աստիճանի «Մարտական խաչ» շքանշանով պարգեւատրուած անձի ընտանիքը՝ 150,000 դրամ,
  • երկրորդ աստիճանի «Մարտական խաչ» շքանշանով պարգեւատրուած անձի ընտանիքը՝ 100,000 դրամ։

Աշխատանքի եւ ընկերային հարցերու նախարարութիւնը կը տեղեկացնէ, որ պարգեւավճարը նշանակուած է զոհուածի ընտանիքի անդամներէն մէկուն՝ ընտանիքի բոլոր անդամներուն համար: