Նաւթի համաշխարհային գիները կը շարունակեն նուազիլ «Քորոնա» ժահրի պատճառով

Նաւթի մուրհակներու գիները չորեքշաբթի կրկին անկում ապրած են նախորդ աճուրդներու ընթացքին անկումէն ետք, քանի որ որոշ երկիրներու մէջ «Քորոնա» ժահրով վարակման դէպքերու աճը խաթարած է համաշխարհային պահանջարկի կայուն վերականգնման յոյսը, կը հաղորդէ Reuters-ը:
Brent տեսակի նաւթի մուրհակները նուազած են 0,5 տոկոսով` հասնելով մէկ տակառի (պարել) դիմաց 39.59 տոլարի:
WTI նաւթի մուրհակները նուազած են 0,7 տոկոսով` մէկ տակառի դիմաց հասնելով 36.52 տոլարի: