Ներքին զբօսաշրջային այցելութիւններու թիւն աճած է 45,7%-ով

2019-12-20
Image

Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ ներքին զբօսաշրջային այցելութիւնները մէկ տարուան ընթացքին աճած են 45,7%-ով: Այս մասին կը յայտնէ ՀՀ կառավարութեան «ֆէյսպուք»-ի էջը:

«2019-ի Յունուար-Սեպտեմբեր ամիսներուն նախորդ տարուան նոյն ժամանակահատուածի համեմատ ներքին զբօսաշրջային այցելութիւնները աճած են 45,7%-ով»,- նշուած է հրապարակման մէջ: