Նոյեմբեր 17-ին 502 մարդ վերադարձած է Ստեփանակերտ

Հայաստանէն 17 նոյեմբերին 502 փախստական վերադարձած է Ստեփանակերտ: Ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնբրես»-ը, այս մասին կը յայտնէ ՌԴ պաշտպանութեան նախարարութիւնը: Նշուած է, որ 24 հանրակառքէ բաղկացած շարասիւնը Երեւանէն ուղեւորուած է Ստեփանակերտի գլխաւոր հրապարակ՝ ռուսական խաղաղապահ զօրքերու եւ ռազմական ոստիկանութեան ուղեկցութեամբ:
Փախստականներու անվտանգ վերադարձը եւ իրենց տուներ վերադարձող խաղաղ բնակիչներու՝ շփման գիծի ուղղութեամբ տեղաշարժի անվտանգութեան ապահովումը կը կազմակերպուի մարդասիրական արձագանգման միջգերատեսչական կեդրոնի ղեկավարմամբ եւ վերահսկմամբ:
Նշուած է, որ 14 նոյեմբերէն Ստեփանակերտ վերադարձած է աւելի քան 1700 բնակիչ, որոնք աւելի վաղ լքած էին իրենց տուները:
Հանրակառքերու անվտանգ տեղաշարժը ապահոված են ռուս զինծառայողները: