Նուպար Աֆէյեանի Moderna-ն յայտնած է «Քորոնա» ժահրի դէմ պատուաստանիւթի գինը

2020-11-23
Image

Ամերիկահայ յայտնի ձեռնարկատէր Նուպար Աֆէյեանի Moderna ընկերութիւնը յայտարարած է, որ COVID-19-ի դէմ պատուաստանիւթի մէկ դեղաչափի գինը կը տատանուի 25-37 ԱՄՆ տոլարի սահմաններուն։ Reuters գործակալութեան փոխանցմամբ՝ այս մասին յայտնած է ընկերութեան տնօրէն Սթեֆըն Պանսելը գերմանական Welt am Sonntag շաբաթաթերթին տուած հարցազրոյցին մէջ:

Պանսելը յայտարարած է, որ ընկերութեան չի հետաքրքրեր առաւելագոյն շահոյթը, եւ նշուած գինը «արդարացի է»՝ հաշուի առնելով, թէ առողջապահական համակարգը որքան կը ծախսէ մէկ ծանր հիւանդի բուժման համար։ Պատուաստանիւթի յստակ գինը կախուած պիտի ըլլայ պատուէրի ծաւալներէն։

Այս հարցազրոյցի հրապարակումէն ժամեր անց ռուսական Sputnik V պատուաստանիւթի արտադրողը յայտնած է, որ ռուսական պատուաստանիւթը զգալիօրէն աւելի ցած գին պիտի ունենայ, քան Moderna-ի կամ Pfizer-ի (որու պատուաստանիւթի մէկ դեղաչափը պիտի արժէ 19,5 ԱՄՆ տոլար) պատուաստանիւթերը։ Այս մասին կը հաղորդէ ռուսական պատուաստանիւթի թուիթըրեան էջը։