Շաքիի ջրվէժի «սեւանալու» կապակցութեամբ մտահոգուելու կարիք չկայ․ նախարարութեան պարզաբանումը

2021-06-26
Image

Երէկ տարօրինակ երեւոյթ դիտարկուած է Սիւնիքի մարզի մէջ. Շաքիի ջրվէժէն սեւ ջուր հոսած է: Դիմատետրեան օգտատէրերը տեսանիւթ տարածած են, որուն արձագանգած է ՀՀ Շրջակայ միջավայրի նախարար Ռոմանոս  Պետրոսեանը եւ այս երեւոյթը մեկնաբանած է անով, որ Շաքիի ջրվէժէն վեր գտնուող աւազանի մաքրման աշխատանքներ կը կատարուին, եւ աւազանի յատակին կուտակուած տիղմը եւ նստուածքները կը մաքրուին ու ջուրի հետ կը հոսին:

«Շաքիի ջրվէժի «սեւանալու» կապակցութեամբ մտահոգուելու կարիք չկայ, ջրի գոյնի փոփոխութիւնը պայմանաւորուած է ջրվէժի աւազանում կատարուող ամենամեայ մաքրման աշխատանքներով:

Տարին մէկ անգամ Շաքիի ջրվէժի վերեւում գտնուող աւազանի մաքրման աշխատանքներ են կատարուում, եւ աւազանի յատակին կուտակուած տիղմը եւ նստուածքները մաքրուում են ու ջրի հետ հոսում: Դրա հետ կապուած ջուրը որոշ ժամանակ նման գոյն է ստացել»,- գրած է ան իր դիմատետրեան էջին։