Շուշիի շրջանին մէջ ականազերծման ժամանակ ռուս սպայ զոհուած է

2020-12-19
Image

Լեռնային Ղարաբաղի Շուշի քաղաքի մերձակայքին մէջ զոհուած է Միջազգային հակաականային կեդրոնի ականազերծման խումբի սպայ: Այս մասին կը հաղորդէ Ռուսաստանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը:

«Շուշի բնակավայրի շրջանին մէջ ճանապարհի ականազերծման աշխատանքներ իրականացնելու ժամանակ պայթած է ականը»,-նշած են նախարարութենէն:

Պայթումի հետեւանքով զինուորականը ստացած է ծանր վիրաւորում: Անոր անմիջապէս բժշկական օգնութիւն ցուցաբերուած է, սակայն հիւանդանոց տեղափոխելու ժամանակ ան մահացած է:

Ինչպէս ըսած են ՌԴ ՊՆ-էն, զինծառայողի ընտանիքին պիտի տրամադրուի անհրաժեշտ օգնութիւն եւ աջակցութիւն: Ան մահացած է ստացած վնասուածքներու հետեւանքով: