Ուքրանիոյ մէջ ռազմական գործողութիւններու հետեւանքով զոհուած է ազգութեամբ հայ խաղաղ բնակիչ
Ուքրանիոյ մէջ ռազմական գործողութիւններու հետեւանքով ազգութեամբ հայ խաղաղ բնակիչ զոհուած է:
Այդ մասին լրատուամիջոցներուն յայտնած է Քիեւի հայ համայնքի ղեկավար Նորիկ Գէորգեանը, նշելով, որ ան զոհուած է իր բնակավայրի մօտ՝ հարազատները տարհանելու ժամանակ:
Յայտնի են միայն քաղաքացիի անուն-ազգանունը՝ Վանիկ Սողոմոնեան: Ան Ուքրանիոյ քաղաքացի էր, Խերսոն քաղաքի բնակիչ:
Վանիկ Սողոմոնեանը մասնակցութիւն չէ ունեցած ռազմական գործողութիւններուն:
Սա առաջին դէպքն է, երբ ռազմական գործողութիւններու հետեւանքով Ուքրանիոյ մէջ ազգութեամբ հայ կը զոհուի:
Նշենք, որ Խերսոնի մէջ վերջին օրերուն թէժ մարտեր կ'ընթանային: Ռուաստանն արդէն յայտարարած է, որ քաղաքը ամբողջութեամբ անցած է ռուսական ուժերու վերահսկողութեան տակ։