Պաշտօնապէս բացուած է Հանրային ծառայութիւններու միասնական գրասենեակը

2020-07-22
Image

Արդարադատութեան նախարարութիւնը Երեւանի կեդրոնին մէջ գործարկած է Հանրային ծառայութիւններու միասնական առաջին գրասենեակը: Այս մասին կը յայտնեն նախարարութեան մամուլի ծառայութենէն:

Նշուած է, որ քաղաքացիներուն համար ստեղծուած են բոլոր հարմարաւէտ պայմանները՝ միասնական կեդրոնէն ստանալու Քաղաքացիական կացութեան աքթերու գրանցման գործակալութեան, Իրաւաբանական անձանց պետական գրանցման, Պետական եկամուտներու կոմիտէի, Ազգային արխիւի, Ընկերային ապահովութեան ծառայութեան, Գաղթականութեան ծառայութեան, Քատասթրի կոմիտէի, Թաղման բիւրոյի, ինչպէս նաեւ նոտարական ծառայութիւններ:

Արդարադատութեան նախարար Ռուստամ Բադասեան լրագրողներուն յայտնած է, որ կեդրոնէն պիտի մատուցուին 97 պետական ծառայութիւն, որոնք յետագային պիտի ընդլայնուին:

«Այս տարածքին մօտ պիտի բացուի նաեւ Անձնագրային եւ Վիզաներու վարչութեան սպասարկման կեդրոն` ատով իսկ ընդլայնելով ծառայութիւններու թիւը, այնուհետեւ, գործարկման ընթացքին ի յայտ եկած խնդիրները շտկելէ ետք, պիտի ընդգրկենք նաեւ համայնքային ծառայութիւններն ու միասնական գրասենեակներ պիտի բանանք Հայաստանի ամբողջ տարածքին»,- ըսած է Բադասեան:

Նախարարը մանրամասնած է՝ եթէ քաղաքացին ունենայ քանի մը մարմինի հետ կապուած գործառոյթ, ապա զանոնք պիտի կարենայ իրականացնել մէկ կեդրոնի մէջ` առանց տարբեր պետական մարմիններ այցելելու:

Տարածքը ունի սպասասրահ, կառատուն եւ յագեցած է դրամատնային terminal-ներով, հերթագրման սարքերով (կը գործէ նաեւ ելեկտրոնային հերթագրամ հնարաւորութիւն` Еarlyone բջջային յաւելուածով):

Հանրային ծառայութիւններու միասնական գրասենեակին մէջ քաղաքացիները դիմումները կրնան ներկայացնել իւրաքանչիւր աշխատանքային օր` 09:00-14:00 եւ 15:00-18:00-ն ժամերուն: Կախուած գրասենեակ դիմող քաղաքացիներու թիւէն` եթէ պէտք ըլլայ պիտի իրականացուի նաեւ հանգստեան օրերուն: Հանրային ծառայութիւններու միասնական գրասենեակը ստեղծուած է համաձայն Կառավարութեան 2019-2023 թուականներու գործունէութեան ծրագիրին: