ՊԵԿ-ը կը յորդորէ զերծ մնալ թրքական ծագման ապրանքներու անօրինական ներմուծման փորձերէն

2021-08-09
Image

Պետական եկամուտներու կոմիտէն յայտնած է, որ վերջին շրջանին յաճախակի դարձած են ՀՀ Կառավարութեան 24.06.2021թ. թիւ 1048-Ն որոշմամբ սահմանուած թրքական ծագում ունեցող ապրանքներու ներմուծման ժամանակաւոր արգելքը շրջանցելու փորձերը՝ անոնց ծագումը քօղարկելով պիտակներու վերացմամբ կամ այլ ապօրինի գործողութիւններով։

Կոմիտէն կը յորդորէ բոլոր քաղաքացիները եւ տնտեսավարողները՝ ժամանակ եւ միջոց չծախսելու ապրանքներու թրքական ծագումը քօղարկելու ուղղութեամբ, քանի որ մաքսային սահմանին ապրանքներու ծագման երկրի անյայտ ըլլալու պարագային ՊԵԿ-ի կողմէ պիտի իրականացուին գործողութիւններ՝ անոնց իրական ծագումը պարզելու ուղղութեամբ: Իսկ մինչեւ գործողութեան աւարտը, ապրանքները եւ փոխադրային միջոցները ազատ պիտի չձգուին, որ կը յանգեցնէ լրացուցիչ ֆինանսական ծախսերու։ Ապրանքներու թրքական ծագման նոյնիսկ կասկածներու պարագային անոնց մուտքը պիտի արգիլուի ՀՀ տարածք եւ անյապաղ դուրս պիտի հանուին երկրէն:

ՊԵԿ-ը անգամ մը եւս կը հաւաստիացնէ, որ թրքական ապրանքներու ներմուծման նկատմամբ կը դրսեւորէ խիստ քաղաքականութիւն եւ կը շարունակէ հետեւողական հսկողութիւնը՝ իր իրաւասութիւններու շրջանակէն ներս բացառելով անոնց մուտքը հանրապետութիւն։