Պոլսահայ յայտնի լրագրողը Քապուլի անկումը համեմատած է Կ. Պոլսոյ գրաւման հետ

Պոլսահայ գրող, լրագրող եւ լեզուաբան Սեւան Նիշանեան անդրադարձած է Աֆղանիստանի մէջ տեղի ունեցած իրադարձութիւններուն։ Այս մասին կը հաղորդէ Ermenihaber.am-ը՝ վկայակոչելով Yeniakit-ը։
Նիշանեան, մեկնաբանելով «Թալyպան» արմատական կազմակերպութեան կողմէ Աֆղանիստանի նկատմամբ վերահսկողութիւն սահմանելը, նշած է, որ այդ բոլորի մեղաւորը ամերիկեան իշխանութիւններն են։ Անոր խօսքով՝ ԱՄՆ-ն տարիներ շարունակ կ՝ուզէր տեսնել Աֆղանիստանի մէջ ամերիկահաճոյ իշխանութիւն։
Այնուհետեւ՝ Նիշանեան թալեպներու կողմէ Քապուլի նկատմամբ վերահսկողութիւն սահմանելը համեմատած է Կ. Պոլսոյ գրաւման հետ, երբ 1453-ին Բիւզանդիոյ մայրաքաղաքը ինկաւ։