Պրոտուէյի վերջին հայ աստղ՝ Պոպ Աւեան հեռացած է կեանքէն
Ամերիկահայ պարուսոյց, թատերական արտադրող ու բեմադրիչ Ռոպերթ Աւետիսեանը, որ յայտնի է Պոպ Աւեան անուն-ազգանունով, հեռացած է կեանքէն:
«Նիւ Եորք Թայմզ»-ը կը հաղորդէ, որ կեանքէն հեռացած է Պրոտուէյի վերջին 60 տարիներու ամենամեծ շոուերու մասնակիցը, «Թոնի» եւ այլ հեղինակաւոր մրցանակներու դափնեկիրը, որ կերտեց ամբողջական դարաշրջան մը, ինքն ալ պարելով իր շարք մը բեմադրութիւններուն մէջ:
Պոպ Աւեանը բեմադրութիւններ կատարած է նաեւ Լոնտոնի մէջ, անոր մասին գրուած է «Պարող մարդը» գիրքը:
Հայ պարուսոյցը մահացած է 83 տարեկանին, սրտի կանգէն: Անոր մահուան լուրը հաղորդած են նաեւ «Տը Կարտիան», «Հոլիուտ ռիփորթըր» եւ այլ նշանաւոր թերթեր: Պոպ Աւեանը վերջին հայ աստղն էր, որ մեծ դերակատարութիւն ունեցած է Նիւ Եորքի Պրոտուէյ շրջանի նշանաւոր թատերական աշխարհի յաջողութիւններուն մէջ: