Ռիթա Սարգսեանի վերջին հրաժեշտի արարողութիւնը տեղի պիտի ունենայ խիստ ընտանեկան միջավայրի մէջ

ՀՀ երրորդ նախագահ Սերժ Սարգսեանի տիկնոջ` կեանքէն անժամանակ հեռացած տիկին Ռիթա Սարգսեանի վերջին հրաժեշտի արարողութիւնը տեղի պիտի ունենայ խիստ ընտանեկան միջավայրի մէջ։ Այս մասին յայտարարութիւն տարածած է ՀՀ երրորդ նախագահի գրասենեակը։
«Սիրելի՛ հայրենակիցներ,
լրատուամիջոցներու յարգելի՛ ներկայացուցիչներ,
Կը յայտնենք, որ ՀՀ երրորդ նախագահի տիկնոջ` կեանքէն անժամանակ հեռացած տիկին Ռիթա Սարգսեանի վերջին հրաժեշտի արարողութիւնը տեղի պիտի ունենայ խիստ ընտանեկան միջավայրի մէջ։
Որոշումը ընդունուած է` ելլելով երկրին մէջ տիրող ռազմական դրութենէն եւ համաճարակային վիճակէն:
ՀՀ երրորդ նախագահի ընտանիքը կը խնդրէ յարգել որոշումը»,- նշուած է յայտարարութեան մէջ։