Ռուսաստանի մէջ ատրպէյճանցին սպանած Արման Առաքէլեանը փոխադրուած է Հայաստան

2021-03-15
Image

Ռուսաստանի մէջ ատրպէյճանցին սպանելու համար 18 տարուայ ազատազրկման դատապարտուած Արման Առաքէլեանը երէկ տեղափոխուած է Հայաստան: Այս մասին NEWS.am-ին յայտնած է անոր փաստաբան Արթուր Դաշեանը:

«Այսքան ժամանակ մեծ խնդիրներ հայկական կողմն էր առաջացնում, արդարդատութեան նախարարութիւնը 2018 թուականից մինչեւ 2020 թուականը խոչընդոտում էր, Բադասեանի օրօք ոոշում կայացուեց ընդունել, սակայն «Քորոնա» ժահրի հետ կապուած սահմանափակումները խոչընդոտեցին, յետոյ պատերազմը սկսուեց, եւ վերջապէս այժմ յաջողուեց վերադարձնել Արմանին հայրենիք, որտեղ նա կը շարունակի կրել իր պատիժը»,-ըսած է ան:

Մինչ այդ ան իր պատիժը կը կրէր Ռուսաստանի Դաշնութեան Մուրմանսկ քաղաքի բանտին մէջ, ուր փաստաբանի խօսքով, հնարաւոր էր՝ անոր կեանքին վտանգ սպառնար, քանի որ ատրպէյճանցիները կրնային վրէժ լուծել անորմէ:

Յիշեցնենք, որ Ռուսաստանի մէջ ատրպէյճանցին սպանելու համար 18 տարուան ազատազրկման դատապարտուած Արման Առաքէլեանն արդէն 6 տարի պատիժը կրած է Մուրմանսկի բանտին մէջ։ Ան ատրպէյճանցին սպանած է, երբ վերջինն իր սրճարանին մէջ հայհոյանքներ հնչեցուցած է հայերու հասցէին եւ կոտրած է պատէն կախուած հայ ազգի հերոսներու նկարները։