Ռուս խաղաղապահներու աջակցութեամբ եւս 2431 մարդ Հայաստանէն վերադարձած է Լեռնային Ղարաբաղ

2020-11-30
Image

Ռուս խաղաղապահներու աջակցութեամբ վերջին մէկ օրուան մէջ աւելի քան 2400 փախստական Հայաստանէն վերադարձած է Լեռնային Ղարաբաղ: ТАСС գործակալութեան փոխանցմամբ՝ այս մասին կը տեղեկացնեն ՌԴ պաշտպանութեան նախարարութենէն:

«Մէկ օրուան մէջ ռուս խաղաղապահ ուժերու աջակցութեամբ Հայաստանէն Լեռնային Ղարաբաղ վերադարձած է 2431 մարդ: 14 Նոյեմբերէն ի վեր իրենց մշտական բնակութեան վայր վերադարձած է 23 514 փախստական»,- յայտնած են ռուսական ռազմական գերատեսչութենէն:

Նախարարութենէն նշած են, որ «հրադադարի ռեժիմը շփման գիծի ողջ երկայնքով կը պահպանուի»: ՌԴ խաղաղապահ ուժերու եւ Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէի համակարգմամբ կը շարունակուի զոհերու մարմիններու որոնման եւ փոխանակման աշխատանքները:

«Ռուսական խաղաղապահ զօրակազմի զինծառայողները կը շարունակեն Լեռնային Ղարաբաղի տարածքի ականազերծումը: Ընդհանուր առմամբ, մաքրուած է 24,67 հեքթար տարածք, 8,2 քմ երկարութեամբ ճանապարհ եւ ընկերային նշանակութիւն ունեցող երեք կառոյց, յայտնաբերուած եւ վնասազերծուած է 766 պայթիւնավտանգ առարկայ»,- աւելցուցած են ՌԴ ՊՆ-էն: