Ռուս խաղաղապահներու հերթական խումբը Ղարաբաղ ժամանած է Ատրպէյճանի տարածքով

Ռուս խաղաղապահներու հերթական խումբը Ստեփանակերտ ժամանած է ռուս-ատրպէյճանական սահմանով: ТАСС գործակալութեան փոխանցմամբ՝ այս մասին կը յայտնէ Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը:
«Զինծառայողներ, մեքենաներն ու յատուկ սարքեր, ինչպէս նաեւ այլ միջոցներ երկաթգիծով ժամանած են Ռուսաստանէն 28 նոյեմբերին: Խաղաղապահներու համար նախատեսուած ուղեբեռը Պարտա հասած է 29 նոյեմբերին Եալամա-Պաքու-Եւլախ-Պարտա երկաթուղային գիծով»,- ըսուած է գերատեսչութեան հաղորդագրութեան մէջ: