Ռուս խաղաղապահներու ուղեկցութեամբ եւս 825 արցախցի վերադարձած է Լեռնային Ղարաբաղ

2020-12-14
Image

Վերջին մէկ օրուան մէջ 825 փախստական Հայաստանէն վերադարձած է Լեռնային Ղարաբաղ: Այս մասին կը յայտնէ РИА Новости-ն՝ յղում ընելով ՌԴ ՊՆ հաղորդագրութեան:

Նշուած է, որ Երեւանէն Ստեփանակերտ ուղեւորուած հանրակառքերու տեղաշարժը իրականացուած է ռուս խաղաղապահ ուժերու եւ ռազմական ոստիկանութեան հերթապահներու ուղեկցութեամբ: Ընդհանուր առմամբ, աւելի քան 39 000 մարդ վերադարձած է իրենց մշտական բնակութեան վայր:

Ռուս խաղաղապահները հրադադարի ռեժիմի պահպանման շուրջօրեայ վերահսկողութիւն կ'իրականացնեն 23 դիտակէտերու միջոցաւ: