Սուքիասեաններու ընտանիքը Հայոց բանակին 100 միլիոն դրամ նուիրաբերած է եւ հանդէս եկած է կոչով

Գործարար Խաչատուր Սուքիասեանը ֆեյսպուքի իր էջին գրած է՝
«Հայաստանի, Արցախի եւ Սփիւռքի սիրելի ընկերներ, եղբայրներ
Տեղի ունեցող լայնամաշտապ պատերազմը մեր պետականութեան եւ մեր յարատեւութեան հարցն է:
Շատ կարեւոր է, որ այս ծանր ու դժուար պահուն ըլլանք պետութեան կողքին, սատար կանգնինք գերագոյն գլխաւոր հրամանատարին եւ աջակցինք մեր ապագայի համար մղուող պատերազմին:
Մարտի դաշտին մէջ կռիւ տուող զինուորին այս պահուն պէտք է ամուր թիկունք: Բոլորս պարտաւոր ենք ըլլալ մէկ բռունցք: Երբ մենք միասնական ենք՝ մեզի երբեք յաղթել չեն կրնար:
Մեր ընտանիքը 100 միլիոն դրամ գումար կը փոխանցէ այս պահուն խաղաղութիւն պարտադրող Հայոց անպարտ բանակի կարիքներուն համար բացուած հաշուեհամարին:
Պիտի յաղթենք»։
Կ'ուզենք նշել, որ Հայաստան համահայկական հիմնադրամին մէջ ստեղծուած է առանձին հաշուեհամար, որուն կրնան բոլորը գումար փոխանցել: Գումար փոխանցելու համար այցելեցէք ԱՅՍՏԵՂ եւ կատարեցէք փոխանցում: