Ստեփանակերտի ապաստարաններուն մէջ խաղաղ բնակիչներն ունին բազմաթիւ կենցաղային խնդիրներ՝ սնունդի կազմակերպումէն մինչեւ մահճակալներ․ Աննա Յակոբեան

Ստեփանակերտ գտնուող առաջին Տիկին Աննա Յակոբեան այցելած է ապաստարաններ:
«Ստեփանակերտի քաղաքապետարանը ստանձնած է այս ապաստարանին մէջ մահճակալներ տեղադրելու հարցը:
ՀՀ Արտակարգ իրավիճակներու նախարարութիւնն ալ պիտի զբաղի ապաստարաններուն մէջ մարդոց սնունդի ապահովման խնդրով:
Ինչ կը վերաբերի հոգեբանական վիճակին, ապա ապաստարաններուն մէջ գտնուող մայրերը, կանայք եւ քոյրերը, ինչպէս նաեւ տարեցները, ճիշդ է յուզուած էին, բայց ամուր էին ու պինդ»,- իր ֆէյսպուքեան էջին գրած է Աննա Յակոբեանը: