Ստեփանակերտ անվճար ուղեւորուող հանրակառքերը 30 նոյեմբերին պիտի չմեկնին՝ եղանակային վատ պայմաններու պատճառով

2020-11-30
Image

ՀՀ-ի մէջ Արցախի կառավարութեան շտապը եւ Երեւանի քաղաքապետարանը կը տեղեկացնեն, որ Երեւանի «Կիլիկիա» մեքենայի կայանատեղիէն դէպի Ստեփանակերտ անվճար ուղեւորուող հանրակառքերը այսօր` 30 նոյեմբերին, եղանակային վատ պայմաններու պատճառով պիտի չմեկնին:

Հետագայ օրերու ուղերթներու վերաբերեալ պիտի տրուի լրացուցիչ տեղեկատւութիւն:

14 Նոյեմբերէն ի վեր իրենց մշտական բնակութեան վայր վերադարձած են 23 514 փախստական։