Տառապանքները յոյսի պիտի վերածուին, եւ մենք նորէն ոտքի պիտի կանգնինք. Արոնեան

Հայկական ճատրակի առաջատար Լեւոն Արոնեանը դիմատետրեան իր էջին գրած է․
«Սիրելի՛ հայրենակիցներ,
Այսօր մենք կը յիշենք մեր զոհուած քաջերը, որոնք պայքարեցան անձնուիրաբար՝ պաշտպանելով Արցախն ու Հայաստանը: Վերջին 55 օրուայ ընթացքին մենք ապրեր ենք պատմութեան մէջ մեր ամենաողբերգական պահերէն մէկը: Ոչ մէկ բառ կրնայ նկարագրել այն վիշտը, որ կայ մեր սրտերուն մէջ: Մենք պէտք է մենք մեզի ապացուցենք, որ պայծառ ապագան, որ մենք կորսնցուցինք՝ յանձինս երիտասարդ մարտիկներու, մեզի պիտի չկոտրէ, այլ պիտի միաւորէ: Տառապանքները յոյսի պիտի վերածուին, եւ մենք նորէն ոտքի կը կանգնինք: Մենք սորվեր ենք, որ մեզի այլ բան չի մնար, քան պատրաստ ըլլալ կռուելու: Նժդեհն ու Անդրանիկը կռուեր են, քանի որ վստահ էին, որ փանթուրքական գաղափարախօսութիւնը չի հանգստանար եւ կ'օգտագործէ ահաբեկչութեան բոլոր միջոցները մեզմէ ազատելու համար: Եկէք աւելի ուժեղ ըլլանք, քան երբեւէ, եւ ինչպէս պապս կ'ըսէր՝ ուղղակի ամպ է, այն կ'անցնի ու կրկին արեւը կը տեսնենք: Փա՛ռք մեր հերոսներուն, թող հանգստութիւն իջնէ անոնց հոգիներուն»,- գրած է ան: