Տինքի սպանութեան հետ առնչութիւն ունենալու մէջ կասկածուող Ահմետ Իսքենտերը արտայանձնուած է Թուրքիա

2022-03-28
Image

Պոլսահայ լրագրող, մտաւորական, «Ակօս» շաբաթաթերթի հիմնադիր խմբագրապետ Հրանդ Տինքի սպանութեան աջակցելու համար 2007 թուականին կալանաւորուած, 2013-ին 12 տարի եւ 6 ամիս բանտարկութեան դատապարտուած եւ փախուստի մէջ գտնուող Ահմետ Իսքենտերը արտայանձնուած է Թուրքիա:

«Ակօս»-ի հաղորդմամբ, Թրքական Ազգային Անվտանգութեան եւ Միջազգային Հետախուզական Ծառայութիւններու համատեղ ուժերով Իսքենտերը մէկ ամիս առաջ յայտնաբերուած էր Ղրղզստանի մայրաքաղաք Պիշքեքի մէջ ու ձերբակալուած էր ղրղզական իրաւապահներու կողմէ: Անոր մօտ յայտնաբերուած է եղբօր անունով անձնագիրը` փոխուած լուսանկարով: Կիրակի օր Ահմետ Իսքենտերը բերուած է Թուրքիա եւ ուղարկուած է կալանավայր:

2007 թուականի Յունուար 19-ին Հրանդ Տինքը սպաննուած էր «Ակօս»ի խմբագրութեան դիմաց, 17-ամեայ թուրք ազգայնական Օկիւն Սամասթի կրակոցներէն: Հակառակ անոր, որ սպանութեան գործով շարք մը դատապարտուածներ կան, բայց Տինքին ընտանիքը այսօր ալ կը պնդէ, որ իրական մեղաւորները բացայայտուած չեն: