Տիրամայր Լուսին Քէշիշեանի վերջին հրաժեշտը՝ Չորեքշաբթի օր

2019-09-16
Image

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. Կաթողիկոս խոր ցաւով կը գուժէ իր մօր՝ Տիրամայր Լուսին Քէշիշեանի (ծնեալ Գոֆթիկեան, 1928, Ալեքսանտրէթ) մահը, որ պատահեցաւ Շաբաթ, 14 Սեպտեմբեր 2019-ին։

Թաղման Կարգը տեղի պիտի ունենայ Չորեքշաբթի, 18 Սեպտեմբեր 2019-ին, Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ, կէսօրէ առաջ ժամը 11։00-ին։

Վեհափառ Հայրապետը ցաւակցութիւնները պիտի ընդունի նոյն օրը, Թաղման Կարգէն անմիջապէս ետք եւ յետմիջօրէին ժամը 16։00-19։00, ինչպէս նաեւ յաջորդ օրը՝ Հինգշաբթի, 19 Սեպտեմբեր 2019-ի առաւօտեան ժամը 10։00-12։00 եւ կէսօրէ ետք ժամը 16։00-19։00, Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ։